ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՀ ԳԱԱ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ

Երեքշաբթի 17 Յուլիս 2018 թ. Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն՝ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի մէջ Քրդական Ուսումնասիրութիւններու Ինստիտուտի տնօրէն դօքտ. Ջուադ Էլ-Բէյդանին, որ երկրորդ անգամ ըլլալով այցելութեան կուգար Հայաստան: Ողջոյնի խօսքեր  փոխանակելէն ետք, քննարկուեցան շարք մը խնդիրներ, որոնք կը հետաքրքրեն երկու կողմերուն հաւասարապէս: Զրոյցին ներկայ էին Պատմութեան ինստիտուտի աշխատակից Սեդա Օհանեանը և Իրաքահայ պատմաբան Արա Աշճեանը:

Այս առնչութեամբ դօքտ. Էլ-Բէյդանին անդրադարձաւ գործնական քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը Պաղտատի մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն մը հիմնելու կապակցութեամբ գործակցութեամբ տեղւոյն հայ ազգային և հոգեւոր մարմիններուն հետ: Այս ուղղութեամբ Էլ-Բէյդանին նշեց, որ ինքը և Պաղտատի պետական համալսարանի կարգ մը դասախօսներ արդէ՛ն իսկ ձեռնարկած են նախագիծ մը պատրաստելու և ներկայացնելու համապատասխան նախարարութեանց: Ակադեմիկոս Մելքոնեանը ողջունեց  այս քայլը Իրաքի պատմաբաններուն կողմէն և յոյս յայտնեց որ Հայաստան-Իրաք երկկողմ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները հետագային աւելի պիտի ամրապնդուին ի նպաստ երկու երկիրներու մէջ առկայ գիտահետազօտական կեդրոններուն գործունէութեան ընդլայնմամբ:

  

Հուլիս 19-ին Դօքտ. Ջուադ Էլ-Բէյդանին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պատմութեան ինստիտուտի աշխատակից, ասորական ցեղասպանութեան մասնագէտ Անահիտ Խոսրոեւայի հետ: