«Հայոց Ցեղասպանութիւն՝ 100 տարի անց», Փաստաթուղթեր և Վաւերագրեր

Վերջերս, Պաղտատի մէջ լոյս տեսաւ Իրաքցի երկու պատմաբաններ՝ Ֆիքռըթ Էլ-Բաղդադի և Աալա' Էլ- Շըրիֆ-ի համահեղինակային աշխատութիւնը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն՝ 100 տարի անց», Փաստաթուղթեր և Վաւերագրեր Հայ Ժողովուրդի և համայն մարդկութեան հանդէպ գործուած Մեծ Եղեռնին վերաբերեալ:

Գիրքի բովանդակութիւնը, վերանայուած և վերստուգուած է Արա Ս. Աշճեանի կողմէն:
Գիրքի գինեձօնը կազմակերպուած էր Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ, սոյն միութեան վարչութեան կողմէն՝ Փետրուար 6, 2016 թ., հովանաւորութեամբ՝ Իրաքահայ Թեմի առաջնորդ՝ Տէր Աւագ արք. Ասատուրեանի և Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ Տարելիցի Իրաքի Կեդրոնական յանձնախումբին, համագործակցութեամբ՝ տեղական «Մըսառաթ» Մշակոյթի և Տեղեկատուութեան Զարգացման կազմակերպութեան: Միջոցառումը ուղեկցուած էր նաեւ Իրաքահայ գեղանկարիչ՝ Անդրանիկ Օհաննէսեանի կտաւներով, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան:
«...Թուրքերը հաւատացած էին, որ ժամանակը պիտի ջնջէ իրենց գործած յանցագործութիւնները և մոռացութեան տրուի միջազգային հանրութեան կողմէն: Ամբողջ դար մը անցած է, և տակաւին Օսմանեան կայսրութեան լիիրաւ հանդիսացող ժառանգները, յամառօրէն կը հերքեն կատարուած Եղեռնի իրողութիւնը: Հարիւր տարի և հայ ժողովուրը տակաւին կը սպասէ ոճրագործներու պատժին և արդար հատուցման որոնք ենթարկուած են տարատեսակ տառապանքներու և կոտորածներու թուրքերու կողմէն, հանդիպելով միջազգային հանրութեան քար լռութեան, կամ մեղաւոր անուշադրութեան գիտակցելու կատարուուղ ոճիրի ահաւորութիւնը.....իսկ ժողովուրդի այն մասը, որ մազապուրծ կարողացաւ ազատուիլ այդ տառապանքներէն, իր փրկութիւնը գտաւ զինքը գրկաբաց ընդունող արաբ երկիրներու պարգեւած հիւրընկալ երկնակամարին հովանիի ներքոյ...»:
Հատուած վերոյիշեալ գիրքի նախաբանէն: